Armenian: The Uluru Statement from the Heart

Share:

Listens: 0

SBS Armenian - SBS Հայերէն

News & Politics


Մայիս 2017-ին, Ապորիճինի  եւ Թորրես Նեղուցի Կղզեցի պատուիրակներ մասնակցեցան Բնիկ Ժողովուրդներու Ազգային Սահմանադրական Համագումարին, Ուլուրուի մօտակայքը, եւ Աւստրալիոյ ժողովուրդին ներկայացուցին Ուլուրուի Յայտարարութիւնը Սրտէն: Յայտարարութիւնը կոչ կ'ուղղէ Բնիկ Ժողովուրդներու Ձայնի մը Խորհրդարանին մէջ, ամրագրուած սահմանադրութեան մէջ,  և համաձայնութիւն (Դաշինք)  կազմելու և ճշմարտութիւնը խօսելու գործընթացի մը: Այս արդիւնք էր  Աւստրալիոյ տարածքին Բնիկ համայնքներու հետ 13 խորհրդակցական Շրջանային Երկխօսութիւններու:  Յայտարարութիւնը կը փորձէ յարաբերութիւն հաստատել Աւստրալիոյ Բնիկ Ժողովուրդներու և Աւստրալիայի ժողովուրդին միջեւ,  հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան եւ ինքնորոշման վրայ: Երաժշտութիւն՝ Ֆրանք Եամմայ: Լուսանկար՝ Ճիմմի Ուիտտըրս Հանդ: